2014-09-19 08:38:27

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Ալպանիա կատարելիք ճամբորդութիւնը` հաւատքի մարտիրոսներու եւ կրօնական երկխօսութեան ճանապարհով։


Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի, 1993-ին Ալպանիա կատարած պատմական այցելութենէն 26 տարիներ ետք, Ֆրանչիսկոս Պապը, Կիարկի, 21 սեպտեմբերին, միօրեայ այցելութիւն կը կատարէ Ալպանիայի մայրաքաղաք` Թիրանա։ Վերոյիշեալ ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապի, քահանայապետութեան շրջնաի միջազգային չորրորդ ճամբորդութիւնը եւ Եւրոպական երկիր կատարած առաքելական առաջին այցելութիւն։

Առաքելական այս ճամբորդութիւնը ունի երկու նպատակ. Առաջինը` մեծարել համայնավարութեան շրջանին հաւատքի համար նահատակուած մարտիսրոսները ու երկրորդ` ի յայտ դնել միջկրօնական համակեցութեան կարելիութիւնը, տրուած ըլլալով որ Ալպանիայի վրայ տարիներ ամբողջ իշխող աստուածամերժ համայնավար վարչութիւնը, սատարեց երկրի տարբեր համայնքներու կապերու ամրապնդումին ու անոնց միասնական համագործակցութեան ի սպաս ընկերութեան բարրօրութեան։
Ալպանիայի քրիստոնէական հոգին յատկաշնող, ժամանակակից ամենակարեւոր դէմքերէն մին է ''Քալքուդայի Մայր Թերեզան'' որ ի ծնէ Ալպանացի էր եւ որուն անուան նուիրուած է Թիրանայի կեդրոնական հրապարակը։ Կարեւոր դէմքերէն մին նկատուած է նաեւ` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը, որ հանդիսացած է Ալպանիայի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վերակառուցումի ռահվիրա։Արդարեւ Ան` Ալպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, 1993-ի ապրիլ 25-ին, եպիսկոպոսական չորս օծումներ կատարած էր, Սքուդարի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, եւ վերահաստատած էր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ թեմական կառոյցները։
Թիրանա կեցութեան ընթացքին, Ֆրանչիսոս Պապը հանդիպումներ կ՛ունենայ երկիրն Նախագահին ու քաղաքական իշխանութիւններուն հետ ու ապա կը հանդիպի տեղական կղերին ու հաւատացեալներուն հետ։ Մինչ ճամբորդութեան յատկանշական մէկ առանցքը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը այլ կրօններու եւ այլ դաւանանքներու պատասխանատուներուն հետ որ տեղի պիտի ունենայ Թիրանայի ''Կաթողիկէ համալսարանին մէջ'', 21 սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4-ին։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 4-րդ միջազգային միօրեայ առաքելական այցելութիւնը պիտի տեւէ ընդդամէնը 9 ժամ։ Քահանայապետը կը մեկնի առաւօտեան ժամը 7,30-ին եւ վերադարձ կը կատարէ երեկոյեան 9,30-ին։ Ալպանիայի առաքելական ճամբորդութեան բնաբանն է. ''Աստուծոյ հետ միասին, դէպի ոչ վհատող յոյս''։








All the contents on this site are copyrighted ©.